2014-06-25 14:28:00

Գերապայծառ Թոմազիի միջամտութիւնը` Մակի մարդու իրաւունքի պաշտպանութեան 26-րդ նիստի ընթացքին` ''Ընտանիքի պաշտպանութիւնը''։


''Ընտանիքը արգելք մը չէ` այլ ընկերութեան հիմնական բջիջ մը'', հաստատեց Սուրբ Աթոռի Մակի մօտ մնայուն դէտ, գերապայծառ Սիլվանօ Մարիա Թոմմազին, Մակի մարդու իրաւունքի պաշտպանութեան 26-րդ նիստի ընթացքին ունեցած իր ելոյթին մէջ։ Ան մատնանշեց թէ ''ընտանիքը կը շարունկաէ աւելի մեծ կորով ցուցաբերել ընդդէմ այն ուժերուն որոնք կը փորձեն զայն կործանել, ազատ ընկերութիւն մը հիմնելու նպատակով''։
Մատնանշելով ապա ընտանիքի եւ ընկերութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ կապին ու անոնց ''ամէն անհատի եւ համայն մարդկութեան զարգացումի ի նպաստ ունեցած լրացուցիչ գործունէութեան'', Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտը ընդգծեց թէ ''անհատի արժանապատութիւնն ու անոր իրաւունքը չեն նուազիր ընտանիքի հանդէպ ցուցբերուած ուշադրութեան պատճառաւ, այլ ընդհակառակը` շատ մը անձեր ապահովութիւն, սնունդ եւ կորով կը գտնեն, ընտանեկան զօրեղ եւ առողջ միջավայրի մէջ հիմնուած` մարդու եւ կնոջ միջեւ ամուսնութեան վրայ։ Այս մէկը յատկապէս կը վերաբերի մանուկներուն որոնք պէտք ունին ընտանեկան ներդաշնակ միջավայրի մը որ անոնց կիրակէ ''կազմաւորում եւ դաստիարակութիւն '' հիմնուած` ''իգական եւ արական '' ծնողային տիպարի վրայ'' – յայտնեց գերապայծառ Թոմազին հաստատելով թէ ''ընտանիքին մէջ է որ սերունդները կը գտնեն ''սէր, դաստիարակութիւն, նեցուկ ու կեանքի պարգեւի փոխանցում''. Ան ապա նշեց թէ ''այս տեսլականը կը գտնուի բոլոր մշակոյթներու պատմութեան մէջ, ինչպէս նաեւ մարդկային իրաւունքներու տիեզերական յայտարարութեան մէջ ուր կը ճանչցուի ''մարդու եւ կնոջ միջեւ ամուսնութեան ընտանիքի խոր եւ անսակարկելի ուրոյն իրաւունքներն ու պարտականութիւնները''։
Իր ելոյթին աւարտին Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչը կոչ ուղղեց որպէսզի ''Ընտանեկան կառոյցը բաժանումի եւ մեկուսացման չ՛ենթարկուի, այլ պաշտպանուի` ոչ միայն Պետութեան կողմէ այլեւ համայն հասարակութեան կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.